
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄի Քանատայի Շրջանային վարչութեան՝ երկրորդ անգամ ըլլալով Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, կարիքաւոր փոքրիկներուն Ամանորի նուէրներ ուղարկելուն համար:
ՀՕՄի Քանատայի Շրջանի 8800 տոլարի օժանդակութիւնը յատկացուեցաւ Հալէպի Ազգային չորս վարժարաններուն եւ մանկապարտէզին, ինչպէս նաեւ համայնքայի երեք մանկապարտէզներու աշակերտութեան, ՍՕ Խաչի աշխատանոցէն ներս բաճկոններ պատրաստելով 885 աշակերտի եւ Ազգային պատսպարանի սաներուն: