ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրութիւնը Նոյեմբեր 2014ին՝ նախորդ տարուան համապատասխան ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աճած է 5.6 տոկոսով՝ կազմելով 78,804,8 միլիոն դրամ: Այս մասին տեղեկացուցած է Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Հրապարակուած վերջին տուեալներուն համաձայն՝ սպանդի համար իրացուած գիւղատնտեսական կենդանիներու եւ թռչուններու ծաւալը Նոյեմբեր 2014ին կազմած է 28.9 հազար թոն, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով 14.7 տոկոսով աւելի է:
Նոյեմբեր 2014ին՝ Նոյեմբեր 2013ին հետ բաղդատելով, 10.5 տոկոսով աճած է կաթի արտադրութիւնը: 11.3 տոկոսով ալ աճած է ձուի արտադրութիւնը:
Բոլոր ցուցանիշներով առաջատարը Գեղարքունիքի մարզն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.