ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 8 Յունուարին հայաստանցիները ծաղիկներ ու մատիտներ զետեղած են Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան շէնքին դիմաց՝ ի յիշատակ 7 Յունուարին Փարիզի մէջ ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծաթերթին վրայ տեղի ունեցած յարձակման։ Այս գործողութեան զոհ գացած լրագրողներուն եւ ոստիկաններուն յիշատակը յարգելու եկած քաղաքացիները յայտնած են, որ տեղի ունեցածը հարուած է խօսքի ազատութեան։ Անոնք մոմեր վառած են, ծաղիկներ եւ մատիտներ տեղադրած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.