Հայրենի արուեստագէտին կ՛ընկերանար մեր գաղութի ազգային կեանքին ծառայողներէն Արիք Գէորգեան: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
æիւան Աւետիսեան առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց իր պատրաստած ֆիլմին՝ «Թեւանիկ»ի լոս-անճելըսեան յառաջիկայ ցուցադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 9 Յունուարին, Կլենտէյլի Beyond The Stars սրահին մէջ: Ան նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ժապաւէնին մասին, որ կը ներկայացնէ Արցախի ազատամարտի օրերէն դրուագներ՝ հիւսուած երեք գիւղացի մանուկներու կեանքին վրայ, երբ անոնց երազները կը խորտակուին եւ սակայն կը պայքարին կառչած մնալու իրենց ծննդավայրին:
Այս ժապաւէնը մեր շրջանին մէջ առաջին ցուցադրութիւնը ունեցաւ ARPA-ի այս տարուան ժապաւէններու փառատօնին, Նոյեմբերի կիսուն: Երիտասարդ բեմադրիչը կը ծրագրէ այս ժապաւէնէն իր ապահովելիք եկամուտը օգտագործել իր յաջորդ ժապաւէնին համար, որ պիտի ներկայացնէ Սումկայիթի ողբերգութեան զոհ գացած հայերու դառն փորձառութիւնները, իսկ ժապաւէնին պատրաստութեան մէջ կը հետապնդէ քանի մը նպատակ. լուսարձակի տակ բերել Արցախը, հայկական ֆիլմարուեստը ծանօթացնել աշխարհասփիւռ հայութեան ու օտար հանդիսատեսին:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտին աշխատանքն ու ազնիւ առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն, մանաւանդ որ «Թեւանիկ»ին ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի դէպի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Յունաստան, Ֆրանսա եւ Ծոցի Արաբական երկիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.