ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ տրամադրուած բեռնամաքսային յայտարարագիրներու տուեալներուն համաձայն՝ 2014ի Յունուար-Նոյեմբերին մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստանի Հանրապետութիւն ներմուծուած է 50,782 թոն ապրանք, որոնց արժէքը կազմած է 19.8 միլիառ դրամ կամ 48.3 միլիոն տոլար:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն՝ ստացուած օգնութեան 39.2 տոկոսը կազմած են քիմիական եւ անոր առնչուած արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանքները, 17 տոկոսը՝ մանածագործական իրերը, 8 տոկոսը՝ մեքենաներ, սարքաւորումներ եւ համակարգեր, 8.2 տոկոսը՝ սարքեր եւ նկարչական գործիքներ, 7.2 տոկոսը՝ տարբեր արդիւնաբերական ապրանքները, իսկ 20.4 տոկոսը մնացած ապրանքները:
Յունուար-Նոյեմբերին Հայաստանի տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան 12.2 տոկոսը եկած է Հոլանտայէն՝ նախորդ տարուան համեմատ աճելով 15.2 անգամ: Ըստ ԱՎԾին՝ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստանին փոխանցուած մարդասիրական օգնութիւնը ընդհանուր ծաւալին 18.2 տոկոսն է, Ֆրանսայինը՝ 1.6 տոկոս, Գերմանիայինը՝ 4.1 տոկոս, Աւստրալիայինը՝ 14.3 տոկոս, Չինաստանինը՝ 11.2 տոկոս, Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուածը՝ 1.5 տոկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.