ԵՐԵՒԱՆ.– 2-3 Յունուարի լուսցող գիշերը՝ ժամը 3:15ի ահմաններուն (Երեւանի ժամանակացոյցով), Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման երկու գործողութիւն: Այդ մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն շնորհիւ՝ հակառակորդը, կորուստներ կրելով, նահանջած է իր դիրքերը: Հակառակորդին դիմակայելու ընթացքին զոհուած են պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներ Կարէն Գրիգորեան եւ Վարդան Մկրտչեան: Վիրաւորուած է զինուորական ծառայող Վոլոդիա Յարութիւնեան, որ փոխադրուած է պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։ Անոր վիճակը կայուն է եւ գիտակցութիւնը տեղն է։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
3 Յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի շարքային Վարդան Մկրտչեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Արիութեան համար» մետալով, իսկ սպայ Կարէն Գրիգորեանը՝ «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։
5 Յունուարին Արարատի մարզի Հովտաշէն գիւղին մէջ զինուորական պատիւով հողին յանձնուեցաւ Վարդան Մկրտչեանի դին. նահատակ զինուորին վերջին հրաժեշտ տալու եկած էր ամբողջ գիւղը, նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական նախարարութիւններէ ներկայացուցիչներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.