Միութեան կրնան անդամակցիլ իրաւաբանութիւն ուսանելու փափաք ունեցող բոլոր ոչ-շրջանաւարտ ուսանողները, ներառեալ ոչ-հայեր։
Միութիւնը նաեւ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ այն ուսանողներուն, որոնք համայնքային համալսարաններէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճըլեսի մասնաճիւղ կը փոխանցուին։
Միութեան այլ համահիմնադիր մըն է Լալա Տէմիրճեանը, որ նմանապէս 3րդ տարուան համալսարանական ուսանող մըն է։ Ան կը փաստնէ, թէ միութիւնը նաեւ իրաւաբանական վարժողական ծրագիրներու կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ պիտի առնէ։
Միութեան համահիմնադիր է նաեւ Էլիզապէթ Փաշայեանը, որ կը շեշտէ, թէ միութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ իրաւաբանական ճիւղի քննութեան պատրաստութիւններուն։
Հետաքրքրուած ուսանողները միութենէն կրնան տեղեկութիւններ ստանալ անոր «Ինսթըկրամ»ի կայքէն՝ aplsa_ucla, ուր յաջորդ հանդիպման մարմասնութիւնները պիտի ծանուցուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.