ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է օգտագործէ իր աշխարհագրական դիրքը՝ ուժանիւթի տարանցումէն առաւելագոյնս օգտուելու համար. «Թրքական տնտեսութիւնը կ՛աճի եւ անոր հետ՝ ուժանիւթի պահանջը: Մենք ուժանիւթի աղբիւրներ չունինք, սակայն փոխարէնը կը գտնուինք ուժանիւթի ճամբաներու քառուղիին վրայ եւ կրնանք շահիլ ուժանիւթի տարանցումէն: Այնպէս, ինչպէս բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին, նոյնպէս ալ Թուրքիան պէտք է դառնայ ուժանիւթի աղբիւրներու մատակարարման բոլոր ճամբաներու անցման վայր», ըսած է Տաւութօղլու։
Տաւութօղլու նշած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները այժմ կը զարգանան եւ կը գտնուին «վերջին 500 տարիներու ընթացքին լաւագոյն» մակարդակին վրայէ։
Տաւութօղլու աւելցուոած է, որ Եւրոմիութեան հետ «մեր լաւ յարաբերութիւնները պէտք չէ Ռուսիոյ հետ վատ յարաբերութիւններու առաջնորդեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.