Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունէն նշած են, թէ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին, 494.46 դրամ վաճառուած է 1 տոլարին դիմաց՝ միջին փոխարժէքով: Սահմանային փոխարժէքը կազմած է 493 դրամ՝ 1 տոլարին դիմաց:
Անցած շաբթուան ընթացքին, ամէնօրեայ սակարկութիւններու միջոցով, Արտարժոյթի վաճառքի ծրագիրի քաղաքականութեան ծիրին մէջ, Կեդր. դրամատունը օրական 6 միլիոն տոլար վաճառած է: Դեկտեմբեր 8ին՝ Արտարժոյթի վաճառքի առաջին օրը, միջին փոխարժէքը կազմած էր 456.63 դրամ՝ 1 տոլարին դիմաց:
Կեդր. դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան, Դեկտեմբեր 9ին յայտարարած էր, որ մինչեւ ամսուան վերջաւորութիւնը իրականցուող սոյն ծրագիրի «առաջին շաբաթուայ ընթացքում, բանկերին օրական կը վաճառուի 6 մլն դոլար, ինչն արտարժոյթի պահանջարկի նուազմանը զուգահեռ կը նուազի՝ հասնելով զրոյի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.