ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Մարքեթ Ուա»չ կը հաղորդէ, որ Չինաստանի տնտեսութիւնը, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութենէն առաջ անցնելով՝ դարձած է աշխարհի մեծագոյնը:
Միջազգային դրամական հիմնադրամը վերջերս հրապարակած է համաշխարհային տնտեսութեան վերջին ցուցանիշները, ըստ որոնց՝ Չինաստան այս տարի 17.6 եռիլիոն տոլարի ապրանք պիտի արտադրէ եւ սպասարկութիւններ պիտի մատուցէ՝ Միացեալ Նահանգներու 17.4 եռիլիոն տոլարին դիմաց:
Նշենք, որ 2000ին, Միացեալ Նահանգներու արտադրութեանց եւ սպասարկութեանց քանակը Չինաստանէն շուրջ երեք անգամ աւելի էր:
Անցեալ տարի, Չինաստան, առաջին անգամ առաջ ըլլալով Միացեալ Նահանգներէն առաջ անցաւ՝ համաշխարհային առեւտուրի ցուցանիշներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.