
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան վարժարանի տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանի նախամանկապարտէզը կրցած է ապահովել պետական արտօնագիր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել աշակերտներու թիւը։
Արդարեւ, նախամանկապարտէզը ցարդ կրնար ընդունիլ միայն 48 աշակերտ, սակայն շնորհիւ նոր արտօնագիրին եւ անոր զուգահեռ կատարուած բարենորոգումներուն, այժմ կարելի պիտի ըլլայ այդ թիւը 57ի բարձրացնելու:
Յիշեցենք, որ կրթական այս տարեշրջանի սկիզբը ապահովուած այլ արտօնագիրով մը կարելի եղած էր 36էն 48ի բարձրացնել նախամանկապարտէզին համար արտօնուած աշակերտներու թիւը։