ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութեան քիւրտ պատգամաւոր Սեպահաթ Թունճել Թուրքիոյ խորհրդարանին ներակայացուցած է աղմկայարոյց բանաձեւ մը՝ առաջարկելով պաշտօնապէս եւ ամբողջ Թուրքիոյ հանրապետութեան անունով ներողութիւն խնդրել Հայկական Ցեղասպանութեան համար։
Առաջարկուող բանաձեւին համաձայն՝ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս ներողութիւն պէտք է խնդրէ խորհրդարանի բեմէն, իսկ յաջորդ օրը, կոտորածի վայրերէն մէկուն մէջ, նախագահին կողմէ պէտք է ընթերցուի ներողութիւն խնդրելու դիմումը, ու անկէ առաւելագոյնը 1 տարի ետք պէտք է ստեղծուի խորհրդարանական յանձնաժողով, որուն առաջեւ պէտք է բացուին պետական բոլոր արխիւները:
Բանաձեւը կ՛առաջարկէ Ապրիլ 24ը սուգի օր յայտարարել ու զայն ամրագրել օրացոյցին մէջ, ինչպէս նաեւ կատարել նիւթական ու բարոյական փոխհատուցում:
Այս մասին մանրամասնութիւններ փոխանցած թրքական «Էնսոնհապեր» լրատուական կայքը կը նշէ, որ քիւրտ պատգամաւորը բանաձեւին մէջ ակնարկութիւններ կատարած է նաեւ Տերսիմի, Մարաշի, Սվազի եւ Չուրումի քրտական կոտորածներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.