ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը Ֆրանսայի կառավարութեան իր դժգոհութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան եւ Ֆրանսայի Պուք Պել Էր քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրութեան կապակցութեամբ։
Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուամիջոցին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր, «կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, սակայն այդ երկիրի որոշ շրջանակները, գտնուելով Հայկական Սփիւռքի ազդեցութեան տակ՝ կը փորձեն վնաս հասցնել Պաքու-Փարիզ յարաբերութիւններուն»:
Յիշեցնենք, որ Ասկերան եւ Պուք Պել Էր քաղաքներուն միջեւ հռչակագիրը ստորագրուեցաւ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ին։ Անոր նպատակն է ամրապնդել երկու քաղաքներուն միջեւ կապերը եւ համագործակցութիւն հաստատել կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ: Անիկա նաեւ կ՛ողջունէ ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն հետեւողական քայլերը եւ անընդունելի կը համարէ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.