ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին կարեւոր նկատեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց սերտացումը՝ շեշտելով, որ այդ կապերը ռազմավարական նշանակութիւն ունին եւ կը թեւակոխեն նոր հանգրուան մը:
Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպան Ումիթ Եարտըմի հետ իր հանդիպումին ընթացքին կատարած այս յայտարարութեան մէջ, Ռուսիոյ նախագահը անդրադարձաւ իր եւ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան եւ աւելցուց. «Միացեալ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենանք Թուրքիա-Ռուսիա ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդի երրորդ նիստին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 1ին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Կապ,ո°չ Հայու դեմ