ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».– Այս տարի Հայաստանի մէջ աւելցած է ամերիկեան «Կրին քարտ» ստացողներուն թիւը։ Եթէ 2008ին առցանց խաղարկութեան իբրեւ արդիւնք շահած էր 1285 դիմորդ, ապա 2014ին անոնց թիւը հասած է 2049: Սակայն շահառուներուն թիւը առնուազն պէտք է եռապատկել ընտանիքի անդամներուն թիւով: Այսպիսով, 2014ին Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ միայն «Կրին քարտ» օրինական խաղարկութեամբ արտագաղթած է 2049 ընտանիք, այսինքն՝ առնուազն 6147 Հայաստանի արդէն նախկին քաղաքացի: Համեմատութեան համար նշենք, որ Ատրպէյճանի մէջ այդ թիւը 2014ին 454 է, Վրաստանի մէջ՝ 804, իսկ Ռուսիոյ՝ 4103 ընտանիք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.