ԵՐԵՒԱՆ.– Ժառանգութիւն կուսակցութեան բանբեր Դաւիթ Սանասարեան բաց հացադուլի սկսած է ԵԱՀԿի երեւանեան գրասենեակին առջեւ:
Սանասարեան այս հացադուլով կը բողոքէ, որ միջազգային կառոյցները եւ յատկապէս ԵԱՀԿ համանախագահները յստակ դիրքորոշում չեն դրսեւորեր հայկական ուղղաթիռին մէջ գտնուած երեք սպաներուն ճակատագիրը բացայայտելու ուղղութեամբ:
Դաւիթ Սանասարեանի այս պահանջը լսած է ԵԱՀԿի երեւանեան գրասենեակի ներկայացուցիչի տեղակալը, որ նշած է, թէ իրենք իրաւասու չեն միջամտելու այս գործընթացին, բայց խոստացած է Սանասարեանի մտահոգութիւնը անպայման փոխանցել համապատասխան մարմիններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.