
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 21-22 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի 43րդ նստաշրջանը:
Օրակարգի վրայ ներառուած հարցերուն կարեւորագոյնը, անշուշտ, յառաջիկայ տարի այնտեղ կայանալիք Եւրոպայի առաջին ողիմպիական խաղերն են:
Նստաշրջանի աշխատանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանը եւ վարչութեան պետ Վաղինակ Գալստեանը:
Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Պատրիկ Հիկէի գլխաւորութեամբ նախաձեռնութեան մասնակիցները պիտի այցելեն ողիմպիական մրցումներու համար նախատեսուած մարզական կեդրոններ, պիտի ուսումնասիրեն նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը եւ այլն: