Նոյեմբեր 12ին Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին մօտ Ատրպէյճանի կողմէ խոցուած հայկական ուղղաթիռի եւ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, ապատեղեկատուութեան մասին Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը նամակներ ուղարկեց եւրոպական կառոյցներուն, կոչ ուղղելով անոնց խստագոյնս դատապարտելու Ատրպէյճանը, որ պայթեցնել կը սպառնայ արդէն լարուած վիճակը: Նամակին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է, որ Արեւմուտքին թոյլատրած եւ ընդունած քաղաքականութիւնը Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նոյն նժարին վրայ դնելու, եւ երկու կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերու արդիւնքն է, որ հոս հասցուց իրավիճակը:
«Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը բազմիցս նշած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը ձեզի: Մինսկի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ առաջ Ատրպէյճան կը խախտէ զինադադարը, մաքսիմալիսթ դիրքերով ներկայանալու համար. Հայաստան նոյնիսկ զոհեր տալով, մի՛շտ կառչած մնացած է խաղաղ լուծման կողմնակից իր դիրքաւորումին: Այնքան ատեն, որ Ալիեւի արկածախնդրութիւնները չեն սաստուիր, ան պիտի շարունակէ կրակին հետ խաղալ», նշուած է նամակին մէջ:
Կարապետեան նաեւ նշած է, որ հայութիւնը ընդհանրապէս, եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատկապէս, իր գրասենեակին միջոցով զգուշացուցած է Արեւմուտքն ու հանրային կարծիքը, սակայն ո՛չ մէկ քայլ առնուեցաւ: «Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ատրպէյճան Նախիջեւանի հայկական դարաւոր խաչքարերը աւերեց եւ պատմական գերեզմանատունը ռազմական նշանառութեան վայրի վերածեց. կը զգուշացնէինք, երբ Ատրպէյճան զինադադարը ամէն օր կը խախտէր. կը զգուշացնէինք ձեզ, երբ հայ քաղաքացիներ Պաքու կը փոխադրուէին եւ «անձնասպան» կ՛ըլլային: Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ալիեւ Սաֆարովին հերոսի կոչում տուաւ: Այս տարուան Օգոստոս ամսուն ձեզ նաեւ զգուշացուցինք, երբ մօտ տասն օր Ատրպէյճան փորձեց զինադադարը խախտելով Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժել: Պատերազմի հաւանական վերսկսման պարագային, պատասխանատու պիտի ըլլան բոլոր եւրոպական եւ այլ մարմինները, որոնք այսքան ատեն մատը վէրքին դնելու փոխարէն՝ կը փայփայէին Ալիեւի Ատրպէյճանը, որ եւ անմեղ մարդոց զոհաբերման ու մահուան պատճառ հանդիսացաւ: Խաղաղութեան առաքելութիւն ունեցող կառոյցները մի՛շտ տատամսեցան Ալիեւը քննադատելու, տածելով այն խաբկանքը, թէ ան խաղաղութիւն կ՛ուզէ», գրուած է նամակին մէջ:
Կարապետեան նամակը աւարտած է՝ ըսելով. «Բռնատէրը խաղաղութիւն, հաշտութիւն չ՛ուզեր. ան իր հակահայ մոլուցքով, տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւնը պահելով, իր եւ շրջապատին հարստութիւն կը դիզէ, հաւատալով, այն խաբկանքն ունենալով, որ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման փրկարարն է: Ամէն տեսակի սանձարձակութիւն իր վերջակէտն ու հետեւանքը ունի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.