ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլացի ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոն «Հաարեց» թերթին մէջ կը գրէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ատելութեան երեւոյթներուն ու ատրպէյճանական ռազմական ուժի աճին լոյսին տակ գոյութիւն ունի այն վախը, որ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն միջեւ դարձեալ պատերազմ մը ծագի եւ այդ վիճելի տարածքին մէջ հայ բնակչութեան դէմ ջարդեր գործադրուին:
Օրոն կը նշէ, որ Իսրայէլ պէտք չէ զէնքեր ծախէ Ատրպէյճանին՝ ցաւ յայտնելով, որ վերջին տարիներուն Իսրայէլ Ատրպէյճանի զէնք մատակարարող գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն է:
«Ցեղասպանութիւն գործող կառավարութեան մը զէնք մատակարարելը Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին նացի Գերմանիոյ զէնք մատակարարելուն կը նմանի», գրած է ան, աւելցնելով, որ աշխատանք կը տարուի Իսրայէլի հասարակութեան ուշադրութեան յանձնելու իսրայէլեան զէնքերու առուծախը այն երկիրներուն հետ, որոնք պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ կը գործեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.