
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան յայտարարած է, թէ Պիթլիսի նահանգապետ Օրհան Էօզթուրք ցարդ չէ հաստատած Պիթլիսի քաղաքապետարանին վաւերացուցած՝ քաղաքի փողոցներէն մէկը ամերկահայ յայտնի գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի անունով կոչելու որոշումը:
Ըստ «Ակօս»ի՝ Սարաֆեան նշած է, թէ նահանգապետը դէմ է Պիթլիսի մէջ Սարոյեանի անունով փողոց մը ունենալու գաղափարին՝ պնդելով, թէ Սարոյեան որեւէ կապ չունի Պիթլիսի հետ: Արա Սարաֆեան շեշտած է, թէ այս տեղեկութիւնը իրեն փոխանցած է Պիթլիսի քաղաքապետը:
Աւելի ուշ, Պիթլիսի քաղաքապետ Նեւին Տաշտեմիր Տաղքըրան պնդած է, թէ ինք նման տեղեկութիւն չէ փոխանցած Սարաֆեանին՝ աւելցնելով, որ նահանգապետէն փողոցի անուան հետ կապուած որեւէ առարկութիւն չէ տեսած: Ըստ անոր՝ փողոցին անունը փոխելու համար, անհրաժեշտ է բացի քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներէն՝ նաեւ իշխող կուսակցութեան անդամի մը ձայնը:
Նշենք, որ Պիթլիսի քաղաքապետարանը այս տարուան Օգոստոսին որոշած էր Սարոյեանի անունով կոչել Պիթլիսի այն փողոցը, ուր ապրած էր Սարոյեանի ընտանիքը։