ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է հանդիպելու Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ, եթէ «վրացական կողմէն համապատասխան քաղաքական կամք ցուցաբերուի»:
«Փութին յստակ կերպով յայտարարած է, որ եթէ Վրաստանէն ազդանշան ստանայ, հանդիպումը կը կայանայ», յայտարարած է Փեսքով՝ վրացական «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Իր կարգին, Վրաստանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Թենկիզ Փխալածէ յայտնած է. «Ենթադրեալ հանդիպումը կրնայ կայանալ կամ քննարկուիլ միայն մէկ պարագայի, եթէ ատիկա ըլլայ Վրաստանի շրջափակուած տարածքներէն ռուսական զօրքերու հեռացման հոլովոյթին սկիզբը»: Ըստ անոր՝ որեւէ հանդիպում պէտք է կազմակերպուի «երկկողմանի ցանկութեան հիմամբ»։
«Առնուազն պէտք է երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը, որպէսզի որոշ բան լուծուի: Վրաստան պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, սակայն, ցաւօք, Ռուսիոյ կողմէ նման պատրաստակամութիւն չկայ», նշած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.