
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 24 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ սկսած է Մանկական բժիշկներու 4րդ ազգային երկօրեայ համագումարը, որ կազմակերպուած է Մանկական բժիշկներու հայկական կազմակերպութեան կողմէ:
Մանկական բժիշկներու հայկական կազմակերպութեան փոխնախագահ Սերգէյ Սարգսեան «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ գիտաժողովին կը մասնակցին բժիշկներ Երեւանէն եւ մարզերէն, ինչպէս նաեւ հիւրեր Զուիցերիայէն, Դանիայէն, Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն։ Մասնակիցներու ընդհանուր թիւը մօտ 350 է:
«Երկու տարին մէկ կազմակերպուող այս միջոցառմանը, հայ եւ արտերկրեայ առաջատար մասնագէտները շատ կարեւոր եւ հետաքրքիր դասախօսութիւններով են հանդէս գալու: Ներկայացուելու են նաեւ հայ մանկաբոյժների գիտական աշխատութիւնները: Քննարկուող թեմաների թւում են երեխաների սնուցումը, անեմիան, նեարդաբանական խնդիրները եւ դրանց հետազօտութիւնը, շնչառական ինֆեկցիաները եւ ալերգիկ հիւանդութիւնները», յայտնած է Սերգէյ Սարգսեան։
Բացման խօսքին ընթացքին Առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը նշած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մանկաբուժութեան ոլորտին մէջ մեծ ձեռքբերումներ արձանագրուած են, մասնաւորաբար նուազած է մանկական մահացութիւնը եւ գործադրուած է դիմադրողականութեան զօրացման արդիւնաւէտ ծրագիր մը: Ան աւելցուցած է, որ տակաւին բազմաթիւ ընելիք աշխատանք կայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ոլորտին մէջ առկայ հարցերը լուծել։
Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունած է նաեւ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը, որ նշած է, թէ մօր եւ մանկան առողջութիւնը միշտ շատ կարեւոր եւ հիմնական եղած են Հայաստանի բժշկութեան համար, այդ պատճառով ալ այս իմաստով տրամադրուած գումարը հետզհետէ կ՛աւելնայ։