ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ երկու երկիրներու նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ, ապա վերջիններուս առիթ պիտի տրուի երկկողմանի հանդիպում մը ունենալու:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու այս հանդիպումը նախաձեռնութիւնն է Ֆրանսայի նախագահին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.