
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու փարիզեան հանդիպումին ընթացքին լուրջ քննարկումներ կ՛ակնկալեն՝ խաղաղ պայմանագիրի հիմնական կէտերուն շուրջ. այսպէս նշուած է ԵԱՀԿի մամլոյ ծառայութեան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն՝ Ամերիկայի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, անունով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ համանախագահները Սոչիի եւ Կալեսի մէջ կայացած նախագահներու հանդիպումներուն ընթացքին նկատած են կողմերուն միջեւ «փոխազդեցութեան ուղի»ի մը ստեղծումը, որ կրնայ նպաստել բանակցութեանց։
«Մենք յոյս ունինք, որ նախագահները փոխադարձ վստահութեան ու թափանցիկութեան հասնելու համար նախատեսուած միջոցներուն վերաբերեալ համաձայնութիւն կը գոյացնեն: Համանախագահները պատրաստ են կարելի եղած օգնութիւնը ցուցաբերելու այդ ուղղութեամբ: Համանախագահները կը հաւատան, որ Մինսկի խմբակը կը հանդիսանայ միակ ձեւաչափը, որուն կը վստահին կողմերը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման մէջ։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնները նոյնպէս բացայայտ յայտարարած են համանախագահներու ջանքերուն աջակցելու մասին եւ մենք պատրաստ ենք օգնութիւն ցուցաբերելու կողմերուն՝ խաղաղութեան հասնելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Համանախագահները կը շեշտեն նաեւ, թէ Եւրասիական միութեան անդամագրուելու Հայաստանի քայլը ազդեցութիւն պիտի չունենայ հակամարտութեան լուծման գործընթացին վրայ. «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը կախուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներեու քաղաքական կամքէն, այլ ոչ թէ որեւէ պայմանգիրի կամ դաշինքի միանալու քայլերուն: Համանախագահները յոյս ունին, որ վերջին շփումներէն ետք, կողմերը կրնան խաղաղութեան ի նպաստ տրամադրուիլ», եզրակացուցած են համանախագահները:
Նշենք, որ նախագահներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 27ին, Ֆրանսայի նախագահական պալատին մէջ։