«Յունաստանի Խորհրդարանին Կողմէ Ցեղասպանութիւններու Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Որդեգրումը Երկրի Սահմանադրութեան Համահունչ Քայլ Էր»
Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժող օրէնքի ընդունման լոյսին տակ, Յունաստանի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր» օրաթերթը Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Աւագեանի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման պատժելիութեան գործընթացին մէջ իւրօրինակ է Յունաստանի խորհրդարանի կայացուցած որոշումը, որ կը քրէականացնէ ժխտումը:
Ինչպիսի՞ հանգրուաններէ անցաւ խորհրդարանի գործընթացը, մինչեւ որ յանգի օրինագիծի վաւերացման:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Յունական խորհրդարանի օրէնքը իր տեսակին մէջ երրորդն է, որ կը որդեգրուի երկրի մը կողմէ, Զուիցերիոյ եւ Սլովաքիոյ որոշումներէն ետք:
2007ին էր, եթէ չեմ սխալիր, երբ Եւրոպական Միութիւնը մարդկային իրաւունքներու յարգման յստակ ուղղութիւն մը յառաջացուցած էր, որուն կիրարկումը կը վստահուէր իւրաքանչիւր երկրի: «Ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ» շրջանային բանաձեւ մըն էր, որուն ծիրին մէջ ներգրաւուած էր նաեւ ցեղասպանութեան մերժումի պարագան, որպէս քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն: Հակացեղապաշտական օրէնքի որդեգրումը այս ձեւով սկզբունքային պարտադրանք մը կը դառնար Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն համար:
2012ի Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու պարզած պատկերէն ետք, երբ ծայրայեղ աջակողմեան Ոսկեայ արշալոյս կուսակցութիւնը յաջողեցաւ ներկայութիւն եւ ուժ դառնալ երկրի խորհրդարանէն ներս, Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Խարալամպոս Աթանասիուի առաջարկով քննարկման բերուեցաւ տուեալ օրէնքի նախագիծը: Յունական ընկերութենէն ներս ցեղապաշտական մօտեցումներու դրսեւորումներ եւ բռնութեան դէպքեր արձանագրուած ըլլալով, արդարադատութեան նախարարը պարտաւորիչ կը նկատէր նման օրէնքի մը վաւերացումն ու գործադրումը:
Օրէնքին իւրայատկութիւնը կը կայանայ ժխտող հակառակորդին առաջնահերթութեանց բացայայտման մէջ, այսպէս ալ նախատեսում կար Հրէական Ողջակիզումը մերժողներուն մասին:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչպէ՞ս ներառուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման պարագան:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Փետրուար 2014ին էր, երբ հելլէն խորհրդարանէն ներս սկսան օրինագիծի շուրջ քննարկումները, նախապատրաստական յանձնաժողովին կողմէ: Հոն ներկայացաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ պարզեց հայութեան դիրքորոշումը ու պնդեց, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումի պարագան անպայմանօրէն ներառուի օրէնքի պարտադրանքներուն մէջ:
Նշենք, որ օրինագիծի քննարկման առաջին պահէն, եղան ձայներ, որոնք դէմ կը դասուէին, հիմնական որպէս տարաձայնութիւն ներկայացնելով խօսքի ազատութեան իրաւունքը եւ դէմ դասուելով խօսքի սահմանափակման քայլերուն: Այնուամենայնիւ, օրինագիծին սատարող կողմերը դիտել կու տային, թէ յստակ յանցագործութիւն է ատելութեան սերմանումը՝ խօսքի ազատութեան պատրուակին տակ:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ ներկայացան նաեւ պոնտոսցիները, ասորիները, ընդառաջելով կառավարութեան կողմէ առնուած օրինագիծի նախաձեռնութեան:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչպիսի՞ն էր թրքական հակազդեցութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Եղան հակազդեցութիւններ, ինչպէս օրինակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչի խօսքերը, թէ օրէնքը «դէմ է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ ժողովրդավարութեան սկիզբ նկատուող խօսքի ազատութեան», աւելցնելով, սակայն, թէ Թուրքիա իր կարգին շատ մեծ ակնկալիքներ ունի օրէնքի կիրարկումէն, Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեանց վերաբերեալ:
Ըսեմ նաեւ, թէ խորհրդարանին մէջ օրինագիծի քննարկումը երկար տեւեց, յետաձգումներով եւ երեսփոխաններու երկար շարքի մը ելոյթներով: Առաջին նստաշրջանէն երկրորդ յետաձգումին ընթացքին գիտենք, որ տեղի ունեցաւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանի հետ, թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ: Դիւրին է ենթադրութիւն կատարել այս պարագային, մանաւանդ տեղեակ ըլլալով, թէ խօսակցութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը բացայայտօրէն դրաւ հակացեղապաշտական օրէնքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագան չներառելու հարցը, որ սակայն պատշաճ պատասխանի արժանացաւ Յունաստանի վարչապետին կողմէ:
Յայտնի էր Թուրքիոյ ճիգը՝ ձախողցնել օրինագիծը, որ սակայն չարդիւնաւորուեցաւ: Անկէ ետք, Թուրքիա փորձեց լուռ մնալ հարցին նկատմամբ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Օրէնքի նախագիծը քննարկուեցա՞ւ երկրի սահմանադրական յանձնախումբին կողմէ:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Այո՛, անշուշտ: Իւրաքանչիւր օրէնքի նախագիծ նախ կը քննուի երկրի սահմանադրութեան համաձայն, ապա կը յղուի խորհրդարան: Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը երկրի սահմանադրութեան լրիւ համահունչ քայլ էր:
Մենք ալ, մեր կարգին, խորհրդարանական ուժերու եւ անհատ երեսփոխաններու հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ուշադրութեամբ քննեցինք բոլոր պարագաները:
Մենք կը յուսանք, որ Յունաստանի խորհրդարանի որոշումը ճամբան պիտի հարթէ մնացեալ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ ալ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներ ընդունին, պատշաճ կեցուածք որդեգրելով մարդկային իրաւունքներու յարգումին ուղղուած Եւրոպական Միութեան ընդհանուր կեցուածքին համաձայն:
Ինչպէս ըսի, մենք ուշադրութեամբ ուսուցմնասիրեցինք երկրի իրաւական դաշտը եւ կը հաւատանք, թէ հաստատօրէն խարսխուած օրինագիծ է Յունաստանի խորհրդարանի որոշումը, որ կրնայ որպէս նախաքայլ ծառայել մնացեալ եւրոպական երկիրներուն համար: Ասկէ ետք կը մնայ հետեւիլ ու իրաւական ձեւերու դիմել, եթէ օրէնքի խախտում նկատուի: