«Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Լիզպոնի իր կեդրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 12էն 19 կը կազմակերպէ «Հայ մշակոյթի շաբա»չ, որուն ծիրին մէջ նախատեսուած են բազմաթիւ եւ բազմապիսի ձեռնարկներ: Հոկտեմբեր 2էն Նոյեմբեր 3 տեղի կ՛ունենայ «Աւելի քան պարոն 5 տոկոս. Գալուստ Կիւլպէնկեանի երիտասարդ տարիները» ցուցահանդէսը: Կը կազմակերպուի նաեւ այլ ցուցահանդէս մը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 2015 Մայիս. այս մէկուն ծրագիրն է «Արշիլ Կորքի եւ իր հաւաքածոն»: Հոկտեմբեր 12ին հայկական աւանդական երաժշտութեան «Շողակն» համոյթը կու տայ «Դէպի Հայաստան» համերգը։ Հոկտեմբեր 14ին կը կազմակերպուի «Հայկական երաժշտութեան երեկոյ»չը, Հայաստանի սենեկային նուագախումբին մասնակցութեամբ: Նոյն օրը կը ցուցադրուի հայոց երաժշտութեան եւ պատմութեան նուիրուած փորթուկալական առաջին ժապաւէնը՝ «ARt MENIA» (90 վայրկեաննոց): Հոկտեմբեր 15ի յետմիջօրէին տեղի կ՛ունենայ կլոր սեղան մը «Աւելի քան պարոն 5 տոկոս. Գալուստ Կիւլպէնկեանի երիտասարդ տարիները» նիւթով: Նոյն օրը, երեկոյեան, նախ կը ներկայացուի Վասիլի Կրոսմանի «Bem Hajam! An Armenian Sketchbook» գիրքին փորթուկալերէն թարգմանութիւնը: Ապա բացումը կը կատարուի «Երթեւեկութեան եւ փոխանակումի ցանցեր. հայկական, փորթուկալական, հրէական ու մահմետական համայնքները Միջերկրականէն դէպի Հարաւային Չինաստանի ծովերը. ապրանքներու փոխադրութիւնը եւ վճարումի թուղթէ միջոցները» միջազգային դասախօսութեան, որ կ՛երկարի երեք օրերու վրայ՝ մինչեւ Հոկտեմբեր 17: Հոկտեմբեր 16ի երեկոյեան նախ տեղի կ՛ունենայ փրոֆ. Քիմ Թերիոլթի ընթերցումը՝ նուիրուած Արշիլ Կորքիին, ապա «Կիւլպէնկեան»ի նուագախումբը կու տայ հայկական եւ փորթուկալական երաժշտութեան համերգ մը: Ամսուն 17ին «Կիւլպէնկեան» նուագախումբը նոր համերգ մը կու տայ, ապա տեղի կ՛ունենայ հայկական սենեկային երաժշտութեան համերգ մըն ալ: Հոկտեմբեր 19ին Ճորտի Սավալ կը դասախօսէ հայկական երաժշտութեան մասին, նախքան իր համոյթին կողմէ տրուելիք «Հայաստանի ոգին» համերգը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.