
Նախագահութեամբ Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանի, Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի «Արագած» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններու պատրաստած «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Քուէյթի Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Էմմանուէլ Ղարիպ, Ամերիկայի եւ Հոլանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեանց համաշխարհային ծրագիրներու վարիչները, Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան հոգաբարձութենէն անդամներ եւ պաշտօնեաներ, Քուէյթի ազգային իշխանութեան անդամները, միութենական ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գիրքին հեղինակը՝ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան: Ան նախ անդրադարձաւ գիրքի գաղափարի յղացումին եւ անոր ծննդոցի հանգրուաններուն: Ան ըսաւ, որ գիրքը ձրիօրէն բաժնուեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներու աշակերտութեան, յիշեցնելով որ գիրքը պիտի նպաստէ հայ մանուկի բարոյագիտական եւ քրիստոնէական ընդհանուր դաստիարակութեան: Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, նպատակը եւ զայն գործածելու կերպը, որովհետեւ գիրքը իր մէջ նաեւ կը բովանդակէ նկարներ, խաղեր եւ քարտէս: Ապա եկեղեցւոյ դպրաց դասէն խումբ մը սարկաւագներ երգեցին փունջ մը շարականներ:
Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանը: Ան նախ գնահատեց դոկտ. Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններուն աշխատանքը, որուն յաջողութեան համար ճիգ չէին խնայած մատչելի եւ դիւրին ոճով հայ մանուկին յատուկ Աստուածաշունչը պատրաստելու, աշխատանք մը, որուն լծուած էին հաւատքով, նուիրումով ու սիրով: Հայր սուրբը ըսաւ, որ գիրքը յետ այսու սեփականութիւնը պիտի դառնայ հայ աշակերտին, որ պիտի նպաստէ անոր հոգեմտաւոր աճման ու դաստիարակութեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» գիրքի գինեձօնը: