
ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Կիրակի, Սեպտեմբեր 22ին, ժամը 2ին, Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ երկու ժապաւէններ ցուցադրուեցան Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» կեդրոնին մէջ:
Հրապարակագիր եւ «Մարմարա» թերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան անցեալ շաբաթ յօդուած մը գրած էր «Ասպարէզ» թերթին մէջ, ուր հետեւեալ ճշդումը ըրած էր. անցեալին հայերէն կարդացողներու անհամար թիւը ներկայիս համրելի դարձած է: Այս անցումը ցաւալի է, բայց՝ իրականութիւն: Նոյն պատկերը մեր առջեւ միշտ կը պարզուի, երբ մշակութային ձեռնարկ մը կազմակերպենք: Ստուար թիւ մը մի՛շտ ներկայ կ՛ըլլայ եւ կը քաջալերէ:
Վարչութիւնը Լոս Անճելըսէն հրաւիրած էր ժապաւէններու հեղինակ Շիրակ Խոջայեանը: Վարչութեան ատենապետուի Սրբուհի Մսրլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց բոլորը ներկայ ըլլալու նոր տարեշրջանի համազգայինի յառաջիկայ ձեռնարկներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց Շիրակ Խոջայեանը, որպէսզի ներկայացնէ առաջին ժապաւէնը, որ կը կոչուի «Արագիլ»:
Այս ժապաւէնը վաւերագրական աշխատանք մըն է՝ նուիրուած արագիլ թռչունին: Անիկա կը ներկայացնէ արագիլը գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ: Ուրախութիւն էր իմանալ Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին տարած գիտական աշխատանքներուն մասին, որոնք կը նպաստեն արագիլին: Մանաւանդ, շատ տպաւորիչ էր տեսնել Հայաստանի ժողովուրդին գուրգուրանքը վաղեմի արագիլին նկատմամբ:
Եկրորդ ժապաւէնը ծիրանի մասին էր՝ ծիրանի ծառին վաւերագրական պատմութիւնը եւ մանաւանդ անոր հայկական պատմական մանրամասնութիւնները:
Երգերու եւ պարերու ընդմէջէն, հեղինակը յաջողած է ներկայացնել Հայաստանի գիւղացիներուն սէրն ու շաղախուած կեանքը ծիրանի ծառին հետ: Ծիրանի ծառին եւ անոր համեղ պտուղին մասին գրուած են գիրքեր ու կ՛երգուին շատ սիրուած երգեր: Հայաստանի օրհնուած ծիրանի ծառը անբաժան է Հայաստանի ժողողուրդի կեանքէն. անոր համեղ ծիրանէն չկայ որեւէ երկիր:
Շարժապատկերի աւարտին ներկաները առիթ ունեցան հեղինակին մակագրութիւնը ապահովելու՝ օրինակներ տանելով նաեւ իրենց տուները: Համազգայինի վարչութիւնը հիւրասիրեց ներկաները, իսկ դարձեալ հանդիպելու խոստումով՝ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ:
Յատուկ շնորհակալութիւն «Ասպարէզ» կեդրոնի մարմինին ու ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, որոնք միշտ թիկունք կանգնած են Համազգայինին: