ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարած է, որ Թուրքիա չի ճանչնար Սեպտեմբերին Խրիմի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Սեպտեմբեր 14ին ընտրութիւններ տեղի ունեցած էին Ռուսիոյ 85 շրջաններէն 84ին մէջ: Մարտին տեղի ունեցած հանրաքուէին իբրեւ հետեւանք, Խրիմ միացած էր Ռուսիոյ։ Այդ որոշումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով Սեպտեմբեր 14ին էր, որ ըստ ռուսական օրէնսդրութեան՝ Խրիմի մէջ եւս տեղի ունեցած էին խորհրդարանի եւ համայնքային իշխանութիւններու ընտրութիւններ։
«Թուրքիա չի ճանչնար Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան անօրինական միացումը: Այդ կապակցութեամբ, մեր երկիրը նոյնպէս չի ճանչնար Սեպտեմբեր 14ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքերը», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.