ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Լիպերիոյ նախագահ Էլըն Ճոնսըն Սրլիֆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Օպամայէն եւ միջազգային համայնքէն խնդրած է աջակցութիւն եւ օգնութիւն տրամադրել Լիպերիոյ եւ Արեւմտեան Ափրիկէին՝ Իպոլա ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու համար, ըսելով, որ առանց այդ օգնութեան՝ իր երկիրը պիտի չկարենայ համաճարակին դէմ պայքարէն յաղթական դուրս գալ:
Իպոլա համաճարակը այս տարուան Մարտին առաջին անգամ վերայայտնաբերուեցաւ եւ արդէն իսկ խլած է աւելի քան 2400 զոհ, մեծամասնութեամբ՝ Լիպերիոյ մէջ։ Մեծաթիւ զոհեր արձանագրուած են նաեւ Կինէի եւ Սիէրա Լիոնի մէջ: Արեւմտեան Ափրիկէ առողջապահական ծանր ճգնաժամ կը դիմագրաւէ յանկարծակի թափ առած համաճարակին պատճառով:
Հակառակ անոր, որ Լիպերիոյ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ կ՛աջակցի՝ հիմնելով տարբեր կեդրոններ, ուր մեկուսարաններ կը տրամադրուին հիւանդներուն, սակայն տակաւին առնուազն հազար մեկուսարանի կարիք կայ:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները արդէն իսկ տրամադրած են հարիւր միլիոն տոլար՝ հիւանդութեան առաջքը առնելու համար: Ամերիկա նաեւ 3000 զինուորականներ պիտի ղրկէ, հաստատելու համար ժահրը մեկուսացնելու ջանքերուն նպաստող 17 կեդրոններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 100 անկողին պիտի ունենայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.