
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ յարաբերական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Իսլամական ծայրայեղութիւնը եւ Միջին Արեւելքի ապագան» նիւթով հրապարակային զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ (2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107)։
Խօսք պիտի առնեն դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան եւ դոկտ. Կարօ Մոմճեան։