
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ Մուշի մէջ վերջերս հիմնուած է հայերու համերաշխութեան, ընկերային եւ զբօսաշրջութեան «Տարօն» միութիւնը:
Միութեան հիմնադրման հանդիսութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայէն ժամանած Օփսեթ Բաթփինեան, որուն հայրն ու մեծ հայրը Մուշի Վարդոյի շրջանին կից Չայչաթը գիւղէն են:
Միութեան անդամներէն Արմէն Գալստեան յայտնած է, որ միութեան նպատակը երկու ժողովուրդներու համերաշխութեան նպաստելն է:
Նոյն հանդիսութեան ներկայ եղած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Մուշի մասնաճիւղի նախագահ Իսմայիլ Ատանուր եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր: