
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 28ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է ճանաչողական այցով Արցախ ժամանած Երիտասարդ քրիստոնեայ տղամարդկանց ընկերակցութեան (YMCA) անդամները:
ԼՂՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները եւ պատասխանած հիւրերու հարցումներուն:
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ Արցախի երիտասարդներուն եւ ընկերակցութեան անդամներուն միջեւ կապերու ամրապնդման, Արցախի մէջ ընկերակցութեան գործունէութեան մշակման եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման շուրջ: