ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 21 Օգոստոսին, Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ցաւակցական նամակ մը յղեց Ֆրանսիս Ա. պապին եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը, պապին երեք հարազատներուն ողբերգական մահուան առիթով: Յայտնենք, որ պապին եղբօր տղուն ընտանիքը Արժանթինի մէջ ինքնաշարժի արկած մը ունեցած է, որուն ընթացքին զոհուած են երկու փոքրիկներ եւ անոնց մայրը. ընտանիքին հայրը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.