
Օգոստոս 3ին, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ ամէնամեայ հայկական փառատօնը: Քենսինկթըն թաղամասի Իւերնա հանրապարտէզի փողոցը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի, ուր հայկական ժողովրդական երգն ու շուրջպարը համախմբած էին հայեր՝ Միացեալ Թագաւորութեան բոլոր անկիւններէն:
Փառատօնը սկսաւ «Անդաստան» եկեղեցական ծէսով՝ երկրի չորս կողմերու օրհնութեամբ:
Հայկական փառատօնին ներկայ էր հայկական աւանդական խոհանոցը: Մասնակիցները համտեսեցին խորոված, բազմազան ուտեստեղէն եւ թխուածքներ՝ պատրաստուած յայտնի եւ ընտանեկան իւրայատուկ խոհագիրներով:
Փառատօնին ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց հայկական տօնավաճառը, որուն կը մասնակցէին բրիտանահայ կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:
Այս տարի փառատօնին հիւրն էր Հայաստանէն ժամանած ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեան, որ ոգեւորեց բրիտանահայերը՝ մեկնաբանելով հայկական սիրուած երգեր:
Փառատօնի աւարտին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Պուքրէշի հայ համայնքին հետ, որ նոյն օրը կազմակերպած էր հայկական փառատօն: Երկու երկիրներու հայ համայնքները մեծ պաստառներու միջոցով ողջունեցին զիրար եւ միաժամանակ շուրջպար բռնեցին:
Համայնքներու պալատի ներկայացուցիչ Սթիւըն Փաունտ յայտնեց, որ փառատօնը Լոնտոնի կեանքին մէջ կ՛աւելցնէ գոյն ու բազմազանութիւն, իսկ Քենսինկթըն թաղամասի ղեկավար Մէյկրիտ Քոնտոն-Սիմոնտս նշեց, որ հայերը Բրիտանիոյ մէջ միշտ շատ լաւ համբաւ ունեցած են: