Խօսք առաւ «Ալպա» համալսարանի կերպարուեստի բաժանմունքի տնօրէն Նիքոլ Հարֆուշը: Ան յիշեց արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի անցած ճանապարհը, ապա արժէքը ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ՝ Հայաստանի եւ այլուր:
Ան ներկաներուն դիտել տուաւ, որ Սիսեռեանի գործերը ոչ թէ սովորական, այլ կեանքի իսկական պատկերներ են՝ իրական ու հարազատ գոյներով:
Ցուցահանդէսին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ նախ նշեց, թէ Ռոզվարդ Սիսեռեան այն քիչ արուեստագէտներէն է, որոնք իրենց էութեամբ եղած են ինքնուրոյն ստեղծագործող: Հերկելեան նկատել տուաւ, թէ ինչպէս Սիսեռեան իր ընտանեկան ու մարդկային պարտականութիւնները ամբողջացնելէ ետք աւելի ուշ ստացած է համալսարանական կրթութիւն, ապա դասաւանդած՝ «Ալպա» համալսարանին մէջ: «Մանկավարժական առումով մեծ է անոր ներդրումը Լիբանանի կերպարուեստի պատմութեան մէջ», ըսաւ ան, ապա վերլուծելով գործերը, յայտնեց, թէ գեղանկարներու նիւթը փնտռելու համար չէ հեռացած իր հարազատ միջավայրէն՝ տունէն, եւ օրինակ՝ իր խնամած ծաղիկները եղած են իր գործերուն թեմաները, բայց ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ծաղիկներու առէջները անջատուելով ծաղիկէն եւ ստանալով կերպ ու երանգ՝ սկսած են թեւածելու, երբեմն վերածուելով թռչուններու: Այսպէս, Ռոզվարդի գծապատկերները մինչեւ վերացականութեան կը հասնին: Հերկելեան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց անոր «Պուրճ Համուտի շուկան» նկարը, որուն վրայ պայծառ գոյներով եւ գիծերով կը պատմէ նախկին շուկայի մասին, որպէսզի նոր սերունդը լաւապէս ճանչնայ Լիբանանը:
Հերկելեան յիշեց նաեւ, որ ան ցուցահանդէսներ նուիրած է ամբողջութեամբ բարեսիրական նպատակներու իրականացման համար: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Նիքոլ Հարֆուշին, որ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ՝ լիբանանահայ արուեստագէտներու եւ մշակոյթի գործիչներու մասին պատմող:
Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նկատել տուաւ, թէ վերջին հինգ տարիներուն Ռոզվարդ Սիսեռեան արդէն մնայուն ներկայութիւն մըն է ցուցասրահի գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ միշտ մօտէն հետեւած է եւ հիմնական ներդրում ունեցած Համազգայինի Լիբանանի շրջանի կերպարուեստի գործունէթուեան մէջ, ապա՝ բարձր գնահատեց զինք, որովհետեւ հայութեան տագնապներով եւ պահանջներով շնչող արուեստագէտ է, նոյն ատեն իր անկեղծ խօսքը ունեցող:
Հաւաթեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց գեղանկարիչին՝ գնահատելով անոր բազմամեայ ներդրումը գաղութի զարգացման եւ վերելքին եւ յատկապէս Համազգայինի ցուցասրահի յառաջընթացի գործին մէջ, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանը, որպէսզի Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրէ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանը։
Աւարտին սրտի խօսք արտասանեց նաեւ «Ալպա» համալսարանի գեղագիտական փիլիսոփայութեան փրոֆեսէօր Ժոզէֆ Ապու Ռըզքը, որ իր հերթին շնորհաւորեց Ռոզվարդ Սիսեռեանը՝ արժեւորելով անոր վաստակը եւ արուեստի աշխարհի խորհրդաւորութիւնը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.