ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Անցած գիշեր եւ այսօր առաւօտեան, ադրբեջանական կողմը կրկին խախտել է հրադադարի պահպանման ռեժիմը հայ եւ ադրբեջանական պետական սահմանագօտու տարբեր հատուածներում՝ կիրառելով հրաձգային, այդ թւում՝ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներ», 11 Օգոստոսին այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ աւելցնելով, որ նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով՝ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներու պարբերականութիւնը նուազած է:
Գետնի վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն փոխանցուած տուեալներուն համաձայն՝ 10-11 Օգոստոսին հայ–ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիին մէջ ատրպէյճանական կողմը զինադադարի դրութիւնը խախտած է 31 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 600 կրակոց:
Հայկական կողմէ պատասխան կրակ բացուած է 6 անգամ, հակառակորդին ուղղութեամբ արձակուած է 889 կրակոց:
Հայկական կողմէ տուժածներ չկան:
«Հայաստանի զինուած ուժերը շարունակում են վստահօրէն վերահսկել սահմանային իրավիճակը շփման գծի ամբողջ երկայնքով, խստօրէն հետեւում են հրադադարի ռեժիմի պահպանմանը եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւնների են դիմում միայն հակառակորդի կողմից արձանագրուող նպատակային խախտումների դէպքում», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.