Առ այդ, առաջին պատարագը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Օգոստոսի երեկոյեան, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագը մատուցեց եւ ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդին հետ կապ ունենալը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն պատարագի քարոզին համար ինք ընտրած է հետեւեալ խօսքը՝ «Աստուած՝ ստեղծիչը մարդուն», եւ իր քարոզին ընդմէջէն շեշտը դնելով յիշեալ խօսքին վրայ, լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ՝ մերթ ընդ մերթ Աստուածաշունչէն մէջբերելով խօսքեր եւ համարներ:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան հաստատեց, որ մարդը պատահական ձեւով եւ արկածով մը չստեղծուեցաւ, այլ Աստուած ստեղծեց զայն իր պատկերով եւ իր նմանութեամբ: «Աստուած ձեւաւորողն է մարդուն, Աստուած կամեցողն է մարդուն աշխարհ գալուն, Աստուած ստեղծիչն է մարդուն», շեշտեց ան՝ հաստատելով, որ մարդու ծնունդը, կեանքը, ապրելաոճը կոչուած են ծրագրուած ըլլալու Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ան նաեւ յայտնեց, որ պէտք է Աստուծմով վերածնիլ՝ բացատրելով, որ ասոր առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ մկրտութիւնը, ապա՝ ապաշխարութիւնը:
Պատարագի աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին չի պատկանիր միայն դպրեվանքի սաներուն եւ եկեղեցականներուն, այլ նաեւ անիկա մեր հայրերէն մեզի փոխանցուած աւանդն է եւ կը պատկանի մեր ժողովուրդին: «Եկեղեցին արդիւնքն է մեր ժողովուրդի դարաւոր հաւատքին եւ կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդի նուիրաբերումով ու մեր ժողովուրդի հաւատքի մասնակցութեամբ», հաստատեց սրբազանը՝ աւելցնելով, որ այսպիսով մեր եկեղեցին կանգուն մնացած է դարեր շարունակ եւ ի վերջոյ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործը պիտի փոխանցուի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնց ներդրումով եկեղեցւոյ գնացքը պիտի ապահովուի, շարական պիտի հնչէ, եւ այս բոլորը կարելի է, եթէ անոնք մասնակից ըլլան եկեղեցւոյ կեանքին: Ան մաղթեց, որ դպրեվանքը մեր ժողովուրդի սպասաւորութեան իր առաքելութեան մէջ յարատեւ վերելք արձանագրէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.