ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հակառակորդներու միջեւ օգտագործուող վտանգաւոր գործիք է դանակը, որ վստահաբար նախամարդուն հնարքներէն է, առաջին հերթին որսալու նպատակով մետաղեայ իբրեւ շեղբ սրուած, ապա՝ գազաններու դէմ պաշտպանուելու համար գործածուած, եւ ի վերջոյ, իր նմանը զգետնելու ու անոր արիւնը թափելու ծառայած է:
Որսի համար գծագրուած դանակի հետեւողութեամբ ո՛չ միայն որսորդական զէնքեր պատրաստուած են նախապատմական շրջաններուն յաջորդած քաղաքակիրթ դարերուն, այլ զիրար սպաննելու համար հնարուած բազմապիսի միջոցներ ծրագրուած են, մինչեւ իսկ հաւաքական սպանութիւններ կատարելու եւ աշխարհը աւերելու ստոր ձգտումներով:
Հիւլէական ուժի եւ անոր փաստացի հետեւանքներուն մասին մտահոգ է աշխարհը, իսկ գերպետութիւններու ղեկավարներ նոր մոլորակներու գիւտի յոյսեր կը փայփայեն՝ մեծածախս որոնումներով անջրպետին մէջ, թերեւս այնտեղ փախչելով՝ ընդհանուր աւերածութենէն փրկուելու մտադրութեամբ:
Դանակը կրնայ երկսայրի ըլլալ, սակայն ոմանք այնպէս կը խորհին, որ ատիկա գործածութեան այլ կերպ մըն ալ ունի: Այսինքն՝ ո՛չ միայն անոր շեղբին երկու կողմերը կարելի է օգտագործել, երբ մանաւանդ երկսայրի է, այլ կարելի է նաեւ անոր կոթի՝ բռնիչի մասը օգտագործել, շեղբէն բռնելով: Ուրիշներ պիտի ըսեն՝ կարելի՞ է շեղբէն բռնել, միթէ՞ չի վիրաւորեր ատիկա մեր ափը: Այս հարցումին պատասխանը նոյնքան զարմացուցիչ է, ինչքան շեղբը իբրեւ բռնիչ գործածելու փորձը:
Մեր դիմաց յարուցուող խնդիրներու լուծելի կամ դժուարաւ լուծելի ըլլալու կացութիւններուն նման է այս հարցումին պատասխանը: Օրինակ, երբ պանիր պիտի կտրենք դանակին կոթով, շեղբը կրնայ մեր ափը չվիրաւորել: Բայց եթէ մեր կտրելիքը աւելի ամուր նիւթ է՝ ինչպէս օրինակ կարծր քաղցրեղէն մը, անկասկած երկսայրի դանակին շեղբը պիտի վիրաւորէ կամ գէթ խորապէս ցաւցնէ մեր ափը: Կեանքի մէջ եւս դժուարաւ լուծելի խնդիրները այդ կարծր նիւթերուն կը նմանին, իսկ դիւրաւ լուծելի հարցերը՝ փափուկ պանիրին:
Դանակը իր բոլոր տեսակներով՝ սկսած պտուղ ստկելու փոքրիկ չափերէն մինչեւ խաչանիշ վաճառանիշ ունեցող «Զուիցերական բանակի դանակ»ները, որոնք համաշխարհայնօրէն ծանօթ են իրենց բազմանպատակ գործածութեան հնարաւորութիւններով եւ թանկարժէք սակերով, հարկ եղած պարագային կրնան վտանգ սպառնալ դիմացինին: Տեսած ենք, թէ ինչպէս փողոցային քսակահատ պատանին փոքրիկ դանակ մը ցուցնելով վախցուցած է անցորդներէն մէկը, դատարկել տալով անոր գրպանները, ու ապա աւարը առած եւ վազած անորոշ ուղղութեամբ: Ուրեմն, ամէնէն փոքրիկ դանակով իսկ վիրաւորուելու վախը պատճառ կը դառնայ ենթարկուելու զայն իր ձեռքին մէջ ունեցողի կամքին:
Դանակը իր այս սարսափեցնող հանգամանքէն բացի ունի նաեւ այլ դերակատարութիւն, որ է՝ զգուշացնել մարդիկը սխալ խօսելէ: Վստահաբար չկայ մարդ այս աշխարհին մէջ, որ խօսքի ճամբով սխալած չըլլայ: Այնքան ատեն որ լեզուն կը դառնայ մարդու բերնին մէջ, անպայման կրնայ սխալիլ: Ճիշդ այս պատճառաւ է, որ յաճախ կը կրկնուին առածանման ծանօթ այն խօսքերը մեր խօսակցական լեզուին մէջ, թէ՝ «Անսխալական մարդ չկայ», կամ՝ «Լեզուն ոսկոր չունի»: Ժողովրդային իմաստութիւնը իր փորձառական հարուստ պաշարը դրած է այդ կարճ նախադասութիւններուն մէջ, մարդկութեան կեանքէն ներս նկարագրային հասարակաց գիծեր յայտնաբերելով:
Աշխարհին ծանօթ է այն արձանիկը, որ երեք կապիկներու խորհրդանշական արարքները կը ներկայացնէ: Անոնցմէ մէկը բերանը, միւսը աչքերը, իսկ երրորդը՝ ականջները կը փակէ, ընդհանուր պատկերացում տալով բարոյական խորհրդածութեան մը՝ «Բան չըսի, բան չտեսայ, բան չլսեցի» բնաբանով: Սա ընդհանրապէս բոլորին կողմէ իմաստուն դիւանագիտութիւն կը համարուի, եւ պատճառ՝ խաղաղ ապրելու այս կեանքը մեր նմաններուն հետ:
Դանակը եւս կարելի է նման օրինակի փոխարէն գործածել: Միշտ պէտք է պատկերացնել, թէ մեր կզակին տակ, ուղղահայեաց դիրքով դանակ դրուած է, որուն սուր շեղբը ասեղի նման դպած է մեր մորթին: Գլխու թեթեւ շարժում մը դէպի վար, պատճառ պիտի դառնայ, որ դանակը իր քիթը խրէ մեր մորթին մէջ ու վիրաւորէ մեզ: Ուրեմն, խելացութիւն պիտի ըլլայ կա՛մ չշարժել մեր գլուխը, եւ կամ՝ միայն դէպի ետ տանիլ՝ բացասական արտայայտութեան իբրեւ նշան: Այսինքն, եթէ մէկը մեր անձին չվերաբերող հարցում ուղղէ մեզի, լաւ պիտի ըլլար գլխու շարժումով բացասական պատասխան տալ անոր, քան՝ դրական: Որովհետեւ դրական պատասխանի պարագային ստիպողաբար մեր գլուխը դէպի վար պիտի շարժէինք՝ վիրաւորելով մենք մեզ, մեր կզակին տակ դրուած դանակին յենելով: Ուրեմն, ա՛յս է զգուշացնող դանակը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յիշեցում այն մասին, թէ մեզի չվերաբերող հարցերուն խառնուելու անպատեհութիւնները շատ են: Ուստի, «ո՛»չ կամ «չե՛մ գիտեր» պատասխանելուն արժէքը շատ աւելի բարձր կը կշռէ, քան՝ «գիտեմ» ըսելուն արժէքը, որով պարզապէս պահուան մը համար ամենագէտ պիտի երեւինք, սակայն այդ ամենագիտութեան հետեւանքները շատ սուղ պիտի արժեն:
Մեծերը կ՛ըսէին. «Ամէն բան ամէն տեղ յարմար չէ՛ ըսել»։ Եթէ մարդիկ գիտնային այս խօսքին իմաստը, բնականաբար շատ ոճիրներ, մարդասպանութիւններ, քէներ ու ոխեր կանխուած կ՛ըլլային անցնող դարերու պատմութեան մէջ: Իրենց իմացած երբեմն դատարկ լուրերը կամ ուրիշներու մասին իրենց ունեցած երբեմն անհիմն տեղեկութիւնները մէկ ականջէն միւսը փոխանցող պարապորդիներն են հիմնական պատճառը մարդկային ընկերութեան քայքայման: Իսկ հաճոյքը, որ անոնք կը զգան՝ տեսնելով մարդոց կործանումը, բնա՛ւ ազդարարութիւն չըլլար իրենց համար, թէ՝ աւելի վատ վախճան ալ իրենց կրնայ սպասել ո՛ւշ կամ կանուխ: Զգուշացնող դանակին գոյութենէն տեղեակ չե՛ն պարզապէս այդպիսիներ, որովհետեւ բամբասանքի ունակութեամբ եւ սուտ ու փուտ լուրերու տարածումով, անոնք իրենց կզակի կաշին կարծրացուցած են արդէն ու չեն զգար զգուշացնող դանակին սրածայր շեղբին թունալից խայթոցը:
Զգուշացնող դանակը ձայն չունի՛, բայց խրատ ունի՛ տալիք: Ատոր հեղինակաւոր միակ խօսքն է. «Միայն գործի՛դ խառնուիր, չգիտցած նիւթերուդ մասին երբեք հաստատական պատասխան մի՛ տար, եւ յիշէ՛, որ «չեմ գիտեր» ըսելը աւելի նուազ փորձանքի մէջ կը դնէ կամ նուազ պատասխանատուութեան կը կանչէ քեզ, քան «գիտեմ» ըսելը»։