
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աւելի քան քառորդ դար առաջ, Աթէնքի մէջ գումարուած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովի մը ընթացքին Ֆրանսայէն ընկեր մը օգտագործած էր խորագիրով մէջբերուած պատկերաւոր բացատրութիւնը՝ բնութագրելու համար այդ ժամանակ, մեծապետական ուժերուն մօտ, ազգային մեր պահանջատիրութիւնը յառաջ մղելու քարոզչական աշխատանքներուն գործնական արժէքն ու նշանակութիւնը։
«Պարզապէս մեծերուն բակը գնդիկ կը խաղանք»… գանգատած էր Հայ Դատի հետապնդման պայքարին զինուորագրուած գործիչը։
Գանգատը տեղին էր, որովհետեւ առանց Հայ Դատը միջազգային այժմէական հարցերու օրակարգին վրայ բերող 1970ականներու ուժական պայքարին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ելոյթները դատապարտուած էին մնալու… «մեծերուն բակը գնդիկ խաղալու» սահմաններուն մէջ։
Այսօրուան պէս այդ ժամանակ ալ կային մտածողներ, որոնք համոզուած էին, թէ ընդհանրապէս Հայկական Պահանջատիրութիւնը քաղաքական հեռանկար չունի, որովհետեւ առանց Իրաւունքն ու Արդարութիւնը պարտադրող ՈՒԺին, քարոզչութիւնն ու «լոպիինկ»ը կը վերածուին… մանուկներու խաղի։ Թէեւ 1980ականներուն խորհրդային ամբողջատիրութիւնը թեւակոխած էր արդէն փլուզման իր անկումի փուլը, այդուհանդերձ՝ Հայաստանն ու հայրենի հայութիւնը տակաւին ի վիճակի չէին պետականօրէն բարձրացնելու դրօշը Հայ Դատի պահանջատիրութեան։
Բացառապէս Սփիւռքը եւ տարագիր հայութիւնը իրենց ուսերուն շալկած էին թրքական պետութենէն հաշիւ եւ հատուցում պահանջելու Հայ Դատի պայքարին պատասխանատուութիւնը։
Բայց առանց հայ ազգային պետականութեան կռուանին, Սփիւռքի ծաւալած Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը չէր կրնար միջ-պետական հրատապ օրակարգի վերածել Ցեղասպանութեան համար թրքական պետութենէն հաշիւ ու, մանաւա՛նդ, հատուցում պահանջելու հայոց Իրաւունքի եւ Արդարութեան դատը։
Առաւելագոյն պարագային, Հայ Դատի ուժական պայքարը կրնար եւ փաստօրէն կրցաւ խանգարել մեծապետական աշխարհի անդորրը։
Այդպէ՛ս էր, որ «Հայկական Ահաբեկչութիւն»ը կանխելու եւ հակակշիռի տակ առնելու օրակարգով՝ մեծապետական ուժերը 1980ականներու երկրորդ կիսուն ձեռնարկեցին Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու դիւանագիտական արշաւին։
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ «Հայկական Ահաբեկչութեան» աշխուժացումը ծայր աստիճան հրատապ նշանակութիւն տուաւ Հայ Դատին հիմնական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութեան։
Մեծապետական այդ զօրաշարժէն, իր կարգին, անմասն չմնաց ու չէր կրնար հեռու մնալ ատենի երկբեւեռ աշխարհակարգին խորհրդային բեւեռը։
1978ին Մոսկուայի մեթրոյին մէջ հայ այլախոհական ահաբեկիչներու պայթեցուցած ռումբերը բաւարար եղան, որպէսզի Խորհրդային Միութիւնը ինք եւս օրակարգի վրայ բերէ «Հայկական Ահաբեկչութիւն»ը հակակշիռի տակ առնելու «հրամայական»ը։ Խորհրդային այդ «ներքին օրակարգ»ը սկսաւ շատ աւելի լուրջ տարողութիւն ստանալու, երբ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ եւս «Հայկական Ահաբեկչութիւն»ը սկսաւ աշխուժացման նշաններ ցոյց տալու…
Հետեւանքը ծանօթ՝ դառն ու տխուր պատմութիւն է։
«Հայկական Ահաբեկչութիւն»ը ընկրկում արձանագրեց ամէնուրեք։
Հայ քաղաքական բանտարկեալներ ունեցանք մեծ պետութեանց մէջ։
Նոյնիսկ ներքին մաքրագործումներ թափ առին «հայ ահաբեկչական խմբաւորումներ»ու միջեւ։
Ի վերջոյ կանգ առաւ «Հայկական Ահաբեկչութիւն»ը։
Մեծապետական աշխարհն ալ օրակարգի վրայ պահեց հայեւթուրք յարաբերութեանց կարգաւորման հարցը։
Իսկ Հայկական Սփիւռքը անդրադարձաւ, որ փաստօրէն «գնդիկ կը խաղանք մեծերու բակին մէջ»…
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք նորովի զարգացում ապրեցաւ, այս առումով ընկալուած, «Հայկական Օրակարգ»ը։
1988ի Արցախեան Պահանջատիրութեան պոռթկումի առաջին իսկ օրերէն, մինչ Հայաստանը ներքին հողային սրբագրութեան օրակարգ նկատեց Արցախի Հարցը, Սփիւռքը իբրեւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան նորագոյն փուլը արժեւորեց Միացման շարժումը եւ անոր հետեւող Հայաստանի վերանկախացման պայքարը։
Իսկ մեծապետական աշխարհի համընդհանուր մրցապայքարին մէջ, «Հայկական Օրակարգ»ը իսկական կռուախնձորի մը վերածուեցաւ մէկ կողմէ Մ. Նահանգներու (նաեւ Եւրոպայի) ու Ռուսիոյ, իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ։
Խորհրդային կամ ոչ՝ ռուս պետական մտածողութեան համար «Հայկական Օրակարգ»ը բացառապէս իր յետնաբակի (backyard) կարգաւորման մեծ օրակարգին սոսկ մասնիկն էր։
Այսինքն՝ Արցախը վերջին հաշուով ճնշումի յաղթաթուղթ մըն էր Ռուսիոյ ձեռքին՝ մէկ կողմէ Ատրպէյճանը իր ազդեցութեան գօտիին մէջ պահելու, իսկ միւս կողմէ Հայաստանին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան պարտադրելու համար ռուսական շահերը։
Մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի համար «Հայկական Օրակարգ»ը կը մտնէր Թուրքիան բաւարարող լուծումներու տեսադաշտը՝ Արցախի իրողական ազատագրումով եւ Հայաստանի վերանկախացումով։ Արեւմուտքը մէկ քարով երկու թռչուն որսալու հնարաւութիւնը կ՛ունենար. թէ՛ ռուսական միահեծան ազդեցութեան ճնշող բեռը կը թեթեւցնէր Հայաստանի ուսերէն, թէ՛ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումով՝ արմատական լուծում կրնար տալ Հայ Դատի կնճռոտ հարցին։
Աւելի՛ն. Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ աչքին՝ Արցախի իրողական ազատագրումը բաւարար «երաշխիք» էր, որպէսզի Ատրպէյճան բնաւ չվերադառնայ ռուսական ամբողջական հակակիշռին տակ։
Ռուսեւատրպէյճանական այդ ճեղքէն «նպաստաւորուելու» հիմք ունէր նաեւ Իրանը, որ Արցախի եւ Հայաստանի հետ խօսակիցի իր դիրքը ի վիճակի էր ծառայեցնելու շրջանային եւ մեծապետական բեմահարթակին վրայ ընդունելի հաշտարար ներկայանալու՝ իր քաղաքական առաւելութեանց ապահովման ի խնդիր։
Պատահական չէ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին պահանջատէր հայութիւնը, Սփիւռքի տարածքին, կարեւոր չափով կորսնցուցած է Հայկական Հարցին քաղաքական արդար լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ Արեւմուտքի վրայ ազդու ճնշում բանեցնելու իր ուժականութիւնը։
Պատահական չէ, նոյնպէս, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ուղղութեամբ զիջումներ կատարելու ճնշումը Հայաստանի վրայ կը բանեցուի ե՛ւ Արեւմուտքի, ե՛ւ Ռուսիոյ կողմէ։
Մեծապետական ուժերու այդ մօտեցման վրայ վստահաբար հիմնական ազդեցութիւն ունի թրքական դիւանագիտութիւնը։
Կարեւորը եւ ծանրակշիռ մտահոգութիւնը այն է, որ Արեւմուտքն ու Ռուսիան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դարպասելու իրենց մրցապայքարին հաշուեցուցակը կ՛ուզեն վճարել Հայաստանի ու հայութեան հաշուոյն։
Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրութիւնը եւ նոյն ծիրին մէջ ցարդ շարունակուող բանակցութիւնները շատոնց ահազանգի պէտք է ենթարկած ըլլային հայ պետական մտածողութիւնը։
Ատրպէյճանը զինելու ուղղութեամբ Ռուսիոյ վերջին դիմաշրջումը, հետեւաբար, այնքան ալ նոր քաղաքականութիւն մը չէ, այլ ամրագրումն է Ռուսիոյ յետնաբակը կարգաւորելու եւ սեփական հակակշիռի տակ պահելու միեւնոյն վարքագիծին։
Ե՞րբ պիտի սթափինք եւ տեսնենք, որ «Մեծերուն բակը գնդիկ խաղալու» ժամանակը շատոնց անցած է։