ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– 2014ի առաջին կիսամեակի արդիւնքներով հազար մեծ հարկատուներու ցանկը կրկին կը գլխաւորէ «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը (նախկին «Հայռուսգազարդը»), որ վեց ամիսներու ընթացքին վճարած է 23 միլիառ 966 միլիոն 906 հազար դրամի հարկ:
Երկրորդ դիրքի վրայ է «Ղ-Տելեկոմ» (ապրանքանիշը «Վիվասէլ») ընկերութիւնը՝ 10 միլիառ 239 միլիոն 36 հազար դրամ հարկերով, իսկ երրորդը Սամուէլ Ալեքսանեանի «Ալեքս Գրիգ» ընկերութիւնն է, որ վեց ամսուան ընթացքին պետական պիւտճէին վճարած է 9 միլիառ 606 միլիոն 466 հազար դրամի հարկ։ Այս տեղեկութիւնները կը փոխանցէ «Փանորամա»ն։
Առաջին երեք մեծ հարկատուներուն կը յաջորդեն հետեւեալ ընկերութիւնները. չորրորդ դիրքի վրայ է «Արմէնտել»ը՝ 8 միլիառ 599 միլիոն 681.3 հազար դրամ տուրքով, անոր կը յաջորդէ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ը՝ 6 միլիառ 21 միլիոն 288.5 հազար դրամով, վեցերորդ դիրքի վրայ է «Ֆլեշ»ը՝ 5 միլիառ 615 միլիոն 52.6 հազարով, ապա «ՀԷՑ»ը՝ 5 միլիառ 477 միլիոն 699.8 հազար դրամով, «Գրանդ-տոբակօ»ն՝ 4 միլիառ 563 միլիոն 875.6 հազար դրամով, անկէ ետք կու գայ «Սիփիէս օյլ քորփորէյշն»ը՝ 4 միլիառ 420 միլիոն 204 հազար դրամով, իսկ տասնեակը կ՛եզրափակէ «Երեւանի կոնեակի գործարան»ը՝ 3 միլիառ 677 միլիոն 697 հազար դրամ տուրք վճարելով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.