ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– 21 Յուլիսին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան համալիրին մէջ, յաջորդական տասներորդ տարին ըլլալով կրկին բացումը կատարուեցաւ «Արամ Մանուկեան» ամառնային մանկական ճամբարին՝ Այտա եւ Հայդուկ Շամլեաններու նախաձեռնութեամբ, հովանաւորութեամբ եւ գործադրութեամբ, ինչպէս նաեւ շնորհիւ անոնց ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի բազմաթիւ անդամներու ինքնաբուխ, առատաձեռն ու նշանակալից զօրակցութեան, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար այս աստիճան ընդլայնել այս առաքելութիւնը՝ զայն վերածելով հիմնարկութեան:
Նախորդ ինը յաջորդական ամառները Արցախի առասպելական, սակայն դժբախտաբար տակաւին ոչ լրիւ վերականգնած Շուշի քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ երեխաներու «Արամ Մանուկեան ճամբարը»։
Քանատաբնակ Այտա Շամլեանի յղացմամբ, ծրագրումով եւ պատրաստութեամբ, անոր ամուսնոյն՝ Հայդուկի օժանդակութեամբ եւ իրենց երկու զաւակներուն՝ Տեսիլի եւ Պատրոյգի մասնակցութեամբ, այս նախաձեռնութիւնը անցեալ եօթը տարիներուն տեղի ունեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի համալիրին մէջ:
Երեք շաբաթներու վրայ երկարող ամէնօրեայ (ներառեալ Շաբաթ եւ Կիրակի) ծրագիրը՝ մշակոյթի, արուեստի, ազգի ու հաւատքի հիմունքներու վրայ պատրաստուած, կ՛ընդգրկէ զուարճալի եւ դաստիարակչական բազմաթիւ խաղեր, մարզական բազմատեսակ զբաղումներ, մշակութային արտայայտութեան պահ, ճաշ, խաղի ձեւով գիտական փաստարկումներ, շարժապատկերի ներկայացում, ձեռային աշխատանքներու եւ գեղարուեստի յատուկ ու ճոխ բաժին մը։ Ճամբարի աւարտին, Քանատայէն տարուած ու յայտագիրին ծառայող ամբողջ մթերքը լիովին կը բաժնուի երեխաներուն։ Իսկ անոնք ամէն օր՝ իրենց ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներուն կողքին, իրենց տուները կը տանին նաեւ ճամբարին ընթացքին իրենց պատրաստած ձեռարուեստի իւրայատուկ գործերը։Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել http://www.shoushisummercamp.org։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.