ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Կիրակի, Յուլիս 13ին, կոկիկ գրասէր հասարակութիւն մը ժամադրուած էր Նիւ Ճըրզիի Վարդանանց եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, հանդիպելու համար ամերիկահայ հանրայայտ գրող Քրիս Պոհճալեանի հետ եւ լսելու իրմէ իր վերջին գիրքին՝ «Փակէ՛ Աչքերդ, Բռնէ Ձեռքերը»ին (Close your eyes, hold hands) մասին: Անցեալին եւս գրագէտին համար մեր հայկական մշակութային զանազան կազմակերպութիւնները նմանօրինակ հանդիպումներ կազմակերպած էին: Այս մէկը սակայն կազմակերպուած էր Նիւ Ճըրզիի Համազգայինին կողմէ:
Բացման խօսքը կատարեց Անի Չաղլասեան, որ հրաւիրեց Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը՝ արտասանելու իր խօսքը: Սրբազանը այդ օր եկած էր եկեղեցի պատարագելու եւ այնուհետեւ ան դարձաւ մասնակից նաեւ այս հանդիպման: Այնուհետեւ, հայկական սովորութեամբ գինիով օծեց նոր գիրքը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ գրագէտին, որ կ՛ապրի Ամերիկայի Վերմոնթ նահանգը:
Նիւթը պատմութիւնն է անտուն աղջնակի մը՝ Էմիլի Շեփըրտի, որ կը բնակի շատ տխուր պայմաններու մէջ: Վերմոնթի մէջ աթոմական կայանի մը սառեցման վտանգը պատճառ կ՛ըլլայ, որ Էմիլին կորսնցնէ իր հայրն ու մայրը: Հայրը պատասխանատուն էր այդ կայանին, եւ կ՛ենթադրուի, թէ անոր անհոգութեան որպէս արդիւնք էր տեղի ունեցած այդ աղէտը։
Հազարաւոր մարդ կը ստիպուի հեռանալու այդ շրջաններէն ու իրենց բնակարաններէն: Գետեր կը թունաւորուէին եւ անտառներ կ՛ամայանային:
Էմիլի այս տեսարանին դիմաց, կը զգար թէ Ամերիկայի ամէնէն ատելի մարդուն դուստրն էր արդէն: Ան կը հեռանայ իր ամէնօրեայ ընկերային կեանքէն եւ կ՛ուզէ այլեւս դառնալ ուրիշ անձնաւորութիւն մը. մոռնալ իր ինքնութիւնը: Իր նախասիրած բանաստեղծուհիէն՝ Էմիլի Տիքընսընէն, ներշնչուելով ուժ կ՛առնէր անկէ: Կը գտնէ իրեն նման անտունի երիտասարդ մը՝ Գամերոն անունով, որուն կու տայ ամէն խնամք եւ կը ցուցաբերէ ամէն գուրգուրանք: Բայց այս ամէնով հանդերձ, չի կրնար իրականութենէն խուսափիլ՝ իր անցեալի կեանքը տակաւին ամրօրէն իր ներաշխարհին կը տիրապետէ:
Վերջապէս, Պոհճալեանի վերոյիշեալ գիրքը պատմութիւնն է մեծ աղէտի մը հետեւանքով արկածախնդրութեան:
Հեղինակը ընթերցեց իր գիրքէն բաժիններ:
Հեղինակին գործերը թարգմանուած են 25 լեզուներու, եւ անոնցմէ երեքը վերածուած են շարժապատկերի:
Քրիս Պոհճալեան վերոնշեալ գիրքը ձօնած է Ճենի Ճեքսընին եւ Խաչիկ Մուրատեանին, որուն հետ Յուլիսի աւարտին պիտի այցելէ Պատմական Հայաստան՝ հաւաքելու նոր նիւթեր Ցեղասպանութեան դարադարձին հրատարակելիք գիրքին համար: