– Ըստ ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքին, ամերիկացի քոնկրեսական, Հելսինքեան յանձնախումբի համանախագահ Քրիս Սմիթ այցելած է ատրպէյճանցի այլախոհ եւ արգելափակուած ղեկավար Անար Մամետլիի հօր, որ տեղեկութիւններ փոխանցած է իր որդիին դէմ ներկայացուած անհիմն մեղադրանքին մասին: Սմիթ ըսած է, որ պիտի շարունակէ մօտէն հետեւիլ հարցին: Ան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծած էր քաղաքական բանտարկեալներու հարցը:
– «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ իրաքեան սահմանապահ ուժերու շրջանէն հեռանալէն ետք, Սէուտական Արաբիա Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ 30 հազար զինուոր տեղակայած է Յուլիս 3ին: Աւելի ուշ, Պաղտատ պնդեց, որ իրաքեան սահմանապահ ուժերը շրջանէն չեն հեռացած։ Նոյն օրը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանի զարգացումներուն ու երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
– Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Յուլիս 2ին, նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը 8րդ անգամ ըլլալով յետաձգեց, այս անգամ՝ մինչեւ Յուլիս 23, երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով: Խորհրդարան ներկայացած են միայն 64 երեսփոխաններ:
– «Ետիոթ Ահրոնոթ» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մօտ ուժ կուտակած է՝ ռազմական հաւանական գործողութեան մը համար։
– «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորը յայտարարեց, որ մէկ միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Իրաքի ժողովուրդին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.