ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ 50 հազար եուրօ տրամադրուած է՝ Քեսապի գրաւման ընթացքին նիւթական վնասի ենթարկուած վարժարաններու վերանորոգման համար:
Ըստ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նուիրատուութեան սոյն գումարը պիտի փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ իր կարգին՝ զայն պիտի փոխանցէ առ որ անկ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.