
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդարանի խնամակալ յանձնախումբը որոշած է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ի պատիւ ընթրիք մը կազմակերպել, տօնելու համար անոր «Էլիս Այլընտ» շքանշանի արժանացումը: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 17ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 558-7474 կամ (626) 695-8013 թիւերուն:
Յայտնենք, թէ այս տարի «Էլիս Այլընտ» շքանշանի արժանացողներուն շարքին, Լոս Անճելըսի շրջանէն կային նաեւ Լիլի Պալեան, Սալբի Ագարակեանն ու Վահէ Իմաստունեանը: