ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավար խմբակցութեան երեսփոխան Փիթեր Օմզիկթ գրաւոր հարցեր ուղղած է իշխանութեանց՝ Ալմելոյի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցին մասին, որ կայացած էր տեղւոյն թրքական կազմակերպութեանց ջանքերով, Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց: Անոր հարցադրման իրենց ձայները միացուցած են նաեւ շարք մը այլ քաղաքական կուսակցութեանց եւ խմբակցութիւններու անդամ երեսփոխաններ, որոնք քննադատած են ատելութիւն հրահրող այդ հակահայ կոչերը, որոնք կատարուած են ցոյցին ընթացքին: Թուրք ցուցարարները նոյնիսկ պահանջած էին քանդել յուշարձանը, որ կը գտնուի Ալմելոյի Հայց. եկեղեցւոյ պատկանող հողատարածքին վրայ:
Նամակին մէջ հարց տրուած է, թէ իշխանութիւնները տեղեա՞կ էին, որ հանրահաւաքը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ, եւ թէ թրքական մզկիթներուն մէջ կոչ կատարուած է մասնակցելու այս հաւաքին: Հոն հարց տրուած է նաեւ, թէ արդեօք հիմքեր առկա՞յ են արդարադատութեան նախարարութեան համար, որ հետաքննութիւն կատարուի հանրահաւաքի ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.