
Վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան կարեւոր երեսներէն մէկը հանդիսացաւ իր խօսքը՝ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեամբ զբաղող կեդրոնին մէջ: Ողջունելով վեհափառին այցելութիւնը, կեդրոնին նախագահը՝ Կարտինալ Քօխ շեշտեց վեհափառին կարեւոր դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ: Ան յիշեց անոր կարեւոր նպաստը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դրական դերը կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութեանց ու աստուածաբանական երկխօսութեան զարգացման մէջ:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը սկսաւ շեշտելով «էքիւմենիք» (տիեզերական-Խմբ.) շարժումին կարեւորութիւնը, յատկապէս համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Ապա, վեհափառը լուսարձակի տակ բերաւ «էքիւմենիք» շարժումէն ներս տեղի ունեցող հիմնական փոփոխութիւնները օրակարգի, մտածողութեան, առաջնահերթութեան եւ եկեղեցիներու սպասումներուն ու մասնակցութեան ձեւին ու որակին առնչուած: Վեհափառը շեշտեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ «էքիւմենիք» շարժումը կարիքը ունի նոր տեսլականի, նոր ինքնահասկացողութեան ու ինքնարտայայտութեան:
Իր կատարած վերլուծումներէն յետոյ, վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մասին եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց հոն տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն ու մօտեցումներուն գիծով: Այս ծիրէն ներս, վեհափառը կոչ ուղղեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու եկեղեցւոյ միութեան, աստուածաբանական մտածողութեան, միջ-կրօնական երկխօսութեան, Ուղղափառ եկեղեցիներու մասնակցութեան, Աւետարանչութեան ու ԵՀԽ-Կաթոլիկ եկեղեցի գործակցութեան հետ աղերս ունեցող ծրագիրներուն: Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայ գործունէութեան ու շեշտեց յիշեալ խորհուրդի աշխատանքը աւելի կազմակերպ ու ազդու դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ մանաւանդ շրջանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումներու լոյսին տակ:
Վեհափառ հայրապետին խօսքին ներկաներուն կարգին կ՛արժէ յիշել Վատիկանի միջ-կրօնական յարաբերութեանց նախագահ Կարտինալ Թորանը եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետին Վատիկան ժամանման առաջին օրը պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքած էր Կարտինալ Քօխը: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դեսպանը: