Բանաձեւը, որ Ապրիլին վաւերացուած էր նաեւ խորհրդարանի Կրթական հարցերու յանձնախումբին կողմէ, այժմ պիտի քննուի խորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ:
Բանաձեւին վաւերացումէն ետք, Նազարեան յայտարարեց, թէ կը յուսայ արագօրէն ապահովել բանաձեւին վաւերացումը ամբողջ խորհրդարանին կողմէ:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան յայտնեց, թէ թիւ 1915 բանաձեւի վաւերացումը յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ հակառակ այն իրողութեան, որ 1985ին վաւերացուած թիւ 1273 բանաձեւը կը յանձնարարէր Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը ներառել պետական վարժարաններու դասաւանդումներուն մէջ, վարժարաններուն մեծամասնութիւնը տակաւին Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը չի դասաւանդեր: Ան շեշտեց պատմութեան այս էջը աշակերտութեան դասաւանդելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը նախընթաց մը հանդիսացած էր այլ ցեղասպանութիւններու համար:
Բանաձեւի գլխաւոր համահեղինակն է Խաչօ Աշաճեան, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անոր վաւերացումը ապահովելու համար, հարկաւոր նիւթեր տրամադրած է խորհրդարանի անդամներուն: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Պետրոսեան եւ նոյն յանձնախումբի վարչութեան անդամ Քէյ Մուրատեան, Խաչօ Աշաճեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի Կրթական հարցերու յանձնախումբի անդամներ Ճօէն Պիւքենըն եւ Ռաքի Չաւեզ Ապրիլ 9ի նիստին ընթացքին բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած էին:
Նազարեանի ջանքերով Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը պիտի քննէ նաեւ թիւ 659 բանաձեւը, որ կը յանձնարարէ վարժարաններուն՝ օգտագործել Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու բերանացի վկայութիւները՝ նման արհաւիրքներու մասին դասաւանդութեանց ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.