
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ընթացիկ տարուան 7 Մայիսին Լոս Անճելըսի «Hyatt Regency Century Plaza» պանդոկին մէջ մասնակցեցայ շատ տպաւորիչ բարեսիրական ձեռնարկի մը՝ նուիրուած 20ամեակին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմարկի, որ կը հաւաքագրէ Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները եւ 1937 թուականի Նանճինի կոտորածը վերապրածներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները:
«Օսքար» մրցանակի դափնեկիր եւ միջազգայնօրէն յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ «Շինտլըրզ Լիսթ» շարժապատկերի նկարահանումներէն ետք ստեղծեց այս հիմարկը՝ Ողջակիզումը վերապրածներու եւ այլ ականատեսներու անձնական տուեալներու հաւաքագրման եւ պահպանման նպատակով: 2006 թուականին «Շօա» հիմնարկը մաս կազմեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին եւ այժմ հոն պահպանուած են 52 հազար տեսագրուած վկայութիւններ՝ 58 երկիրներ ներկայացնող, 34 լեզուներով: Անիկա իր տեսակին մէջ մեծագոյն արխիւն է ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ձեռնարկին կը մասնակցէր նախագահ Օպամա, որ արժանացաւ «Մարդկութեան դեսպան» բարձր պարգեւին: Մասնակիցներուն մէջ էին նաեւ Սամուէլ Ճեքսըն, Օքթաւիա Սփենսըր, Պարպրա Սթրէյսընտ, Լիամ Նիսըն եւ Պրուս Սփրինկսթին. վերջինս մեկնաբանեց իր «Աւետեաց երկիր» եւ «Պար մթութեան մէջ» երկու յուզիչ երգերը:
2010ին, Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը եւ Ճ. Մայքըլ Յակոբեան ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը «Շօա» հիմնարկին հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ ականատեսներու տեսահարցազրոյցներու թուայնացման, պահպանման եւ տարածման համար: Անցեալ ամիս հայկական վկայութիւններու 400 թուայնացուած պատճէններ յանձնուեցան «Շօա» հիմնարկի Տեսողական պատմութեան եւ կրթութեան ուսումնարանին: 2015ի Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, հայկական վկայութիւնները՝ թարգմանուելէ, ենթախորագիրներու տեղադրումէն եւ ցուցակագրումէն ետք, Ողջակիզումի եւ միւս ցեղասպանութիւններու ականատեսներու տուեալներուն հետ, մատչելի պիտի դառնան 30 երկիրներու 50 հաստատութիւններուն մէջ (ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզումի թանգարանին մէջ):
Մօտ 100 ամերիկահայեր մասնակցեցան 7 Մայիսի ձեռնարկին՝ «Շօա»ի մէջ հայկական հաւաքածոյի համար հաւաքելով աւելի քան 100 հազար տոլար: Երեկոյին ընթացքին բազմաթիւ յիշատակումներ եղան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Սփիլպըրկ առաջինն էր, որ յայտարարեց «Շօա»ի արխիւներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւնները ներառելու ծրագիրին մասին: Մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնուած տեսերիզին մէջ ցուցադրուեցան Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի, Ցեղասպանութիւնը վերապրած Փօլ Անտոնեանի եւ հայ բռնագաղթուածներու շարք մը լուսանկարներ: «Շօա»ի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սթիվըն Սմիթ նոյնպէս խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ ներկայացնելով Եւնիկէ Սալիպեանը՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրած 100ամեայ կինը, Այնթապէն: Երեկոյին հիւրընկալած կատակերգու Քոնան Օպրայընը ամպիոնէն տիկին Սալիպեանը ներկայացնելէ ետք ձեռնարկի աւարտին մօտեցաւ անոր սեղանին եւ լուսանկարուեցաւ անոր հետ:
Սալիպեան իբրեւ պատուաւոր հիւր նստած էր հոլիվուտեան յայտնի դէմք Քիմ Քարտաշեանի կողքին: Յաջորդ օրը Քարտաշեան ընկերային ցանցին վրայ տեղադրեց Սալիպեանի հետ իր լուսանկարը՝ հետեւեալ գրութեամբ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ «Շօա» հիմնարկի երեկոյին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններու հաւաքագրման աջակցութեան համար: Ես նստած եմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած 100ամեայ ամենաոգեշնչող կնոջ կողքին»: Քանի մը օրուան ընթացքին անոր տեղադրած արձանագրութիւնը ստացաւ 400 հազար «լայք», գրեթէ 5 հազար մեկնաբանութիւններ «Instagram»ի վրայ եւ 110 հազար «լայք»՝ անոր Դիմատետրի էջերուն վրայ:
Հակառակ երեկոյին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամպիոնէն հնչած բազմաթիւ յիշատակումներուն՝ նախագահ Օպաման իր 18 վայրկեան տեւած ելոյթին մէջ որեւէ ուղղակի յղում չըրաւ հայերու կամ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ոչ ալ կ՛ակնկալուէր, որ պիտի ընէր: Սակայն Օպաման անուղղակիօրէն վկայակոչեց Ողջակիզումէն բացի այլ ցեղասպանութիւններ՝ առանց զանոնք նշելու.
– «Ես կ՛ուզեմ առանձնայատուկ խօսք ուղղել այս երեկոյ մեր կողքին գտնուող վերապրածներուն՝ ոչ միայն Ողջակիզումէ, այլեւ ինչպէս Սթիվընը (Սփիլպըրկ) նշեց՝ միւս աներեւակայելի ոճրագործութիւնները վերապրածներուն»:
– «Եթէ «Շօա»ն վերապրածներու յիշողութիւնները մեզի կը սորվեցնեն բան մը, ուստի, պէտք է ըսել, որ լռութիւնը չարիքի մեծագոյն դաւադիրն է: Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է Ողջակիզումի որեւէ հերքման խստագոյն դատապարտումը»:
– «Դուք (Սփիլպըրկ)… վաւերագրած էք ոչ միայն Ողջակիզումի փորձառութիւնը, այլ նաեւ անկէ առաջ եւ ետք տեղի ունեցած վայրագութիւնները…. Ձեզի եւ «Շօա» հիմնարկի բոլոր մարդոց, նաեւ այն աշխատանքին համար, զոր կատարած էք՝ լուսաւորելով վկայութիւններու յաւերժական կրակը, որ կարելի չէ մարել եւ մերժել, կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնը»:
Հայերը կարիք չունին ճնշելու Օպաման, որպէսզի ան բացայայտօրէն վկայակոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միացեալ Նահանգներու այլ նախագահ մը՝ Ռանըլտ Ռիկըն 1981ի Ապրիլ 22ի իր նախագահական հռչակագիրով արդէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտ չէ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նախագահէն յամառօրէն պահանջել ամէն տարի նոյն բանը ճանչնալ: Նախագահ Օպաման պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործէ ոչ թէ հայ ժողովուրդի սիրոյն համար, այլ իր սեփական պատիւը փրկելու՝ կատարելով այն լուրջ խոստումը, զոր տուած էր իբրեւ նախագահական թեկնածու: Միայն անկէ ետք ան կրնայ իսկապէս արժանի ըլլալ «Մարդկութեան դեսպան»ի բարձր կոչման:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը